The year-end hantes of Mourad Armenian Saturday School of Providence took place on Sunday, May 19, 2024 in the Aramian Auditorium of Sts. Vartanantz church. Present at the hantes were Rev. Fr. Kapriel Nazarian and Yeretzgeen Debra, Board of Trustees, representatives of church organizations, parents , grandparents and Drs. Ara & Betty Sadaniantz.
After the rendition of the national and school anthems with the piano accompaniment of student Mardiros Karazian, co-principal Mrs. Lala Attarian welcomed all by stressing the importance of this year’s “hantes” as we celebrate the school’s milestone and big accomplishments. She thanked all the parents, teachers, organization and benefactors who believed in our school and contributed to 90 years of success and continuity.
A medley of songs and recitations dedicated to the Armenian alphabet and language were presented under the directorship of Mr. Raffi Rachdouni, the music teacher . Student Nyree Corriveau presented a piano performance of “Giligia”. This was followed by the enthusiastic singing of all the students as a support for our brothers and sisters of Artsakh and Armenia.
Co-principal, Mrs. June Mangassarian, in her message thanked all the teachers for their selfless efforts throughout the year , and especially to Mrs. Angel Kozinian for her over 30 years of dedication to our school . Mrs. Kozinian was presented with a special award from the school committee and school family at large.
Mr. Hagop Khatchadourian, the school committee chairman , thanked the co-principals , teachers, parents , individuals and organizations who actively contributed to the school’s success. He reminded the audience about the 2024 message of Aram I, Catholicos of the Holy See of Cilicia, “Year of Human Resources Preparation” which ties in so truly with the mission of our school which has endured for 90 years.
Two graduates Arpi Donoyan and Nora Tarpinian of our school, who still serve our school as teachers, were awarded the Maggie Nalbandian College Bound Scholarship that was established by Drs. Ara & Betty Sadaniants 14 years ago for worthy Mourad School graduates heading to college , in addition to the Araxie Arzoomanian and Anahid Kibarian Scholarship for an attending student. Four students Donovan Hagopian, Raelynn Hall, Natalie Keshijian and Gregory Lora received kindergarten graduation diplomas.
Der Kapriel Nazarian in his closing remarks congratulated the co-principals, teaching staff, graduates and all those honored. He encouraged the Mourad School to continue in their noble mission of educating the young in our faith and language, so that the torch passed to us by the founders remains bright and alive.
We sincerely thank the Armenian Relief Society Eastern Regional Board and the Providence ARS “Ani” and “Arax” chapters, the “Ararat” Association, our supporters, members of the Parent-teacher organization; Ani Derderian, Alenoush Hagopian, Melanie Zeitounian, Megan Khatchadourian, Mr. Edward Nasr for volunteering to capture our important events, the Sts. Vartanantz Church Board of Trustees and church organizations, the parents and all the volunteers for their time and effort to make our school a better place for our students.
ՓՐՈՎԻՏԷՆՍԻ «ՄՈՒՐԱՏ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մուրատ Ազգային Վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 19, 2024-ին, “Արամեան” սրահին մէջ։ Հիւրերու շարքին էին Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ Նազարեանը եւ Երէցկին Տէպրան, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամները, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, բարերարներ Տոքթ․ Արա եւ Տիկին Պէթթի Սատանեանցներ։
Այս տարեշրջանի հանդէսը նուիրուած էր Վարժարանիս 90-ամեակին եւ ընդհանրապէս հայոց լեզուին, տառերուն եւ հայ դպրոցին։ Մարտիրոս Գարազեանին կողմէ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, աշակերտները երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վարժարանի քայլերգները, որմէ ետք Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան կատարեց բացման աղօթքը։
Տնօրէնութեան կողմէ բարի գալուստի մաղթանքը փոխանցեց համա-տնօրէնուհի՝ Տիկին Լալա Աթթարեան։ Անդրադառնալով Վարժարանի 90-ամեակին, Աթթարեան նշեց, թէ այս տարուան հանդէսը իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ ան կը խորհրդանշէ իննը տասնամեակներու նուիրում, յաջողութիւն եւ շարունակականութիւն։ Սերունդներ դաստիարակած, Փրիվիտէնսի մէջ հայ լեզուն ու պատմութիւնը պահած եւ գործօն անդամներ կազմաւորած այս հաստատութիւնը մեր գաղութին հպարտութիւնն է։
Աթթարեան իր շնորհակալական խօսքերը փոխանցեց ծնողներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ծնողական միութեան եւ բոլո՛ր անոնց, որոնք կը սատարեն հայ դպրոցին եւ անոր վերելքին։
Պարոն Ռաֆֆի Ռշտունիի գլխաւորութեամբ, աշակերտները ներկայացուցին խմբերգեր։ Երէց աշակերտներուն կողմէ հայ լեզուին եւ դպրոցին նուիրուած խմբային եւ անհատ բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ շարան մը ներկայացուեցաւ։ Իսկ, Նայիրի Գորիվօ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ “Կիլիկիա” երգի ներկայացմամբ հանդիսատէսին ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ներկայացման աւարտին, երգեցողութեամբ աշակերտութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն։
Համա-տնօրէնուհի Տիկին Ճիւն Մանկասարեան խօսք առնելով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ուսուցչական կազմին իրենց անձնուրաց նուիրումին համար, որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց Տիկին Անժէլ Գոզինեանը, որ 30 տարիներ ազգանուէր իր ծառայութենէն ետք այս տարի հանգստեան կը կոչուի։ “Այսօր, կը փափաքինք այս առիթէն օգտուիլ եւ սրտանց մեր շնորհակալութիւնը յայտնել եւ պատուել յատկապէս մէկ ուսուցչուհիի, որ 30 տարիներ շարունակ, մեծ նուիրումով սերունդներ դաստիարակած է”, նշեց Մանկասարեան։
Տիկին Գոզինեան արժանացաւ յատուկ գնահատանքի Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ։ Շնորհաւորական խօսքեր փոխանցեցին ատենապետ՝ Պարոն Յակոբ Խաչատուրեան եւ Տէր Գաբրիէլ Նազարեան։
Մուրատ Ազգային Վարժարանի Խնամակալ Մարմնի ատենապետ՝ Պարոն Յակոբ Խաչատուրեան փոխանցեց օրուան պատգամը։ ԱՆ անդրադարձաւ Արամ Ա․ Վեհափառ Հօր կողմէ հրչակուած «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»-ի կարեւորութեանը։ “Եկէք միասնաբար աշխատինք՝ Եկեղեցի, կազմակերպութիւններ, դպրոց և ծնողներ, խտացնելու և աւելի լաւ կազմակերպելու մեր շարքերը՝ ի նպաստ Հայ Ազգին ու Հայրենիքին”, նշեց ան։ Ապա, գնտահատական խօսքեր փոխանցեց տնօրէնութեան, ուսւուցչական կազմին, ծնողներուն եւ բոլոր անհատներուն, որոնց “շարունակական քաջալերութեամբ և մասնակցութեամբ է որ պիտի կարողանանք այս դպրոցի դոռները յաւիտեանս բաց պահել”։
Ապա, Վարժարանիս շրջանաւարտ սանուհիներ եւ ներկայ ուսուցչուհիներ՝ Օրդ․ Արփի Տօնոյեան եւ Օրդ․ Նորա Դարբինեան արժանացան “Մակի Նալպանտեան” Կրթաթոշակին՝ Տոքթ․ Արա եւ Տիկ․ Պէթթի Սատանեանցներուն կողմէ։ “Այս ֆոնտը յատուկ 2-4 տարուան համալսարանական ծրագրի մասնակցող համալսարանականներու համար է։ Սոյն բարերարներուն կողմէ հիմնուած “Արաքի Արզումանեան եւ Անահիտ Քիպարեան” եւ “Մակի Նալպանտեան” կրթաթոշակի ֆոնտերը 14 տարիներէ ի վեր կը պարգեւուին ներկայ եւ շրջանաւարտ սաներու։
Այս տարի մանկապարտէզի 4 աշակերտները՝ Տօնովն Յակոբեան, Նաթալի Քէչէճեան, Ռէյլ Հօլ եւ Կրէկըրի Լորա ստացան մանկապարտէզի վկայակագրեր։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէր Հօր եզրափակիչ քաջալերական եւ երախտագիտական խօսքով եւ փակման աղօթքով։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր նուիրատուներուն իրենց նիւթական աջակցութեան համար, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանի վարչութեան եւ Փրովիտէնսի Արաքս եւ Անի մասնաճիւղերուն, “Արարատ” Կամզակերպութեան, Պարոն Էտուըրտ Նասրին լուսանկարներուն համար եւ Ծնողական Միութեան անդամներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելու դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին։