Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2025-ին Փրովիտէնսի Սրբոց Վարդանանց Հայոց Առաքելական Եկեղեցին շքեղ հանդիսութեամբ տօնակատարեց Եկեղեցւոյս 85-ամեակը՝ նուիրուած ծխականներուն տասնամեակներու հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ եւ Երէցկին Տէպրա Նազարեան, երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան կազմը, Ազգային Վարչութեան անդամներ, կղերականներ, Եկեղեցւոյս եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ռօտ Այլընտ նահանգի ծերակուտական՝ Տիար Տէյվիտ Թիքոյեան եւ Փրովիտէնսի համայնքը։
Օրուան հանդիսավար՝ Աւագ Սարկաւագ Յակոբ Խաչատուրեան փոխանցեց բարի գալուստի խօսքը։ Ղեկավարութեամբ Պարոն Ռաֆֆի Ռշտունիին, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ երգչախումբի “Ուրախ Լեր” երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ երեկոն։ Օրդ․ Թալին Տօնոյեանին զոյգ քայլերգներուն երգեցողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը կատարեց բազման աղօթքը։
Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեան, շնորհաւորելով ներկաները, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ տասնամեակներու պատմութեան ու անոր դերին ու կարեւորութեանը՝ Փրովիտէնսի գաղութին հայապահպաման աշխատանքին ծիրէն ներս։ Ատենապետը բարձր գնահատեց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն տեսիլքն ու աննկուն կամքը, որոնց շնորհիւ մենք այսօր կը շարունակենք մեր աշխոյժ գործունէութիւնը իբրեւ ծխականներ եւ քոյր կազմակերպութիւններու անդամներ։ Հայրենիքէն դուրս փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծելով, այս հոգեւոր կառոյցը 85 տարիներ շարունակ եղած է այս գաղութին էպիկեդրոնը, դռները լայն բանալով բոլո՛ր կարիքաւորներուն եւ գաղթականներուն, որոնք Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական ծանր պայմաններուն հետեւանքով ապաստան գտած են այս ափերուն վրայ։ Աթթարեան բարձր գնահատեց Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուող բոլոր կազմակերպութիւններուն եզակի աշխատանքն եւ անդամներուն նուիրումը։ Ան նաեւ կարեւորեց եկեղեցւոյ դերը, որպէս հայապահպանման կեդրոն, ուր կը գործեն բոլոր քոյր կազմակերպութիւնները՝ իւրաքանչիւրը իր յատկութեամբ։ Աւարտելով իր խօսքը, ատենապետը նշեց, թէ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին դադրած է կառոյց մը ըլլալէ, եկեղեցին ներկայիս աշխոյժ է, ան կը շնչէ եւ կ՛ապրի, եկեղեցին մենք ենք, ուրեմն այս ժամանակաշրջանին երբ մեր հաւատքն ու ազգը շարունակ կը հարուածուին, մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ ըլլալ մեր վէմն ու մեզի առաջնորդող ջահը։
Ապա, Երգչախումբը, Հոյ Նազան, Հաբրբան եւ Ամենայնի հմայիչ երգեցողութիւններով գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը։
Հաւատք, Յոյս եւ Սէր խորհրդանշող այս երեկոն,եզակի առիթ մըն էր պարգեւատրելու եկեղեցւոյ նուիրեալ եւ գործունէայ անդամներէն՝ Աւագ Սարկաւագ Արա Նալպանտեանը, Տէր եւ Տիկին Գէն եւ Սանտրա Պօղոսեանները եւ “Salt & Light” երիտասարդներու խումբի անդամները։ Հանդիսավարը ներկայացուց պարգեւատրեալները, անդրադառնալով անոնց յատկութիւններուն։
Աւագ Սարգաւագ Նալպանտեան պարգեւատրուեցաւ հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր քառասունամեայ հաւատարիմ ծառայութեան համար։ Ան գործունէայ անդամ է եւ տարիներու ընթացքին մաս կազմած է Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ ազգային երեսփոխանական կազմին եւ պաշտօնավարած է Մուրատ Ազգային Վարժարանէն ներս։ Այսօր, ան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը ապագայ սարկաւագներ պատրաստելու։
Տէր եւ Տիկին Պօղոսեաններ սիրոյ օրինակելի խորհրդանիշն են այս գաղութէն ներս, անոնք կողք կողքի աւելի քան վեց տասնամեակներ սէր եւ յոյս կը ներշնչեն։ Անոնք երկարամեայ գործօն անդամներ են, որոնք առանց բացառութեան, իւրաքանչիւր Կիրակի միասնաբար եկեղեցի կ՛այցելեն, կը մասնակցին Աստուածաշնչական Ընթերցումներուն ։ Անցեալին Պարոն Պօղոսեան եղած է հոգաբարձութեան անդամ, իսկ Տիկին Պօղոսեան դասաւանդած է Կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս։
Իսկ Salt and Light -ի երիտասարդները եկեղեցւոյս ապագան ու յոյսն են, որոնց ուսերուն վրայ դրուած է նախնիներուն առաքելութիւնը շարունակելու մեծ պատասխանաուութիւնը։
Իրենց երախտագիտութեան խօսքերը փոխանցեցին Սարկաւագ Արա Նալպանտեան եւ Պարոն Գէն Պօղոսեան, իսկ երիտասարդութեան կողմէ խօսք առին Պետիկ Զէյթունեան եւ Անի Տէրտէրեան։
Բոլոր պարգեւատրեալները ստացան գնահատագրեր Սրբազան Հօր կողմէ, իսկ Ծերակուտական Տիար Տէյվիտ Թիքոյեան Ռօտ Այլընտ նահանգին կողմէ շնորհաւորագրեր փոխանցեց բոլորին։
Եկեղեցւոյս 85-ամեակին կողքին, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ ընտանիքը նշեց Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ Նազարեանին ձեռնադրութեան տասնամեակը։ Ատենապետ Լեւոն Աթթարեան ներկայացուց Տէր Գաբրիէլ եւ Երէցկին Տեպրա Նազարեանին աշխոյժ գործունէութիւնն ու անոնց նուիրումը իւրաքանչիւր անձի նկատմամբ։ Հօր ու մօր գուրգուրանքով անոնք կը կատարեն իրեն պարտականութիւնը, մէկդի դնելով իրենց առօրեայ հոգսերն ու մտահոգութիւնները։ Այս առթիւ, հոգաբարձութեան կազմը շնորհաւորական յատուկ նուէր մը պարգեւեց Տէր Հօր եւ Երէցկինին։
Տէր Գաբրիէլ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Եկեղեցւոյ այս տօնակատարութեան առթիւ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց 85ամեակի Տօնակատարութեան Յանձնախումբին ատենապետուհի՝ Տիկին Մանուշակ Գրիգորեանին եւ բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան կազմին։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց յատկապէս Երէցկին Տէպրային, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու բոլոր անոնց որոնք Տէր Հօր ձեռնադրութեան օրէն սկսեալ նեցուկ կանգնելով կը քաջալերեն անոր հոգեւոր ծառայութիւնը։
Տէր Գաբրիէլ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բարձրաշնորհ Տեր Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյանին եւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանին, Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. քհն. Պաղսարեանին, Արժ․ Տէր Արամ Ա․ Քահանայ Ստեփանեանին, Տէր Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեանին եւ Տիկին Մակի Նալպանտեանին, որոնք իր կողքին էին անոր ծառայութեան սկզբնական շրջանին։
Ապա, ան բէմ հրաւիրեց Սրբազան Հօր, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ գաղութին կողմէ շնորհաւորելու համար անոր 40-ամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը՝ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմէն ներս։
Իր կարգին, Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Առաջնորդ Հայրը շնորհաւորեց Տէր Հօր ձեռնադրութեան տասնամեակը եւ անոր օրինակելի ծառայութիւնը։ Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Փրովիտէնսի գաղութին ներդրումը եւ անոր մասնակցութիւնը հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ “Այս եկեղեցւոյ 85 ամեակը յատկանշական է, որովհետեւ ան կը փաստէ չորս շարունակական սերունդներու գործօն ներկայութիւնը, ինչպէս կը տեսնենք այսօր։ Այս կը նշանակէ, որ այս եկեղեցին ո՛չ թէ միայն անցեալն ու ներկան են, այլ նաեւ ապագան”, արձանագրեց Սրբազան Հայրը։ Ան կարեւորելով գաղութի բոլոր մասնիկները, ըսաւ թէ, Փրովիտենսի գաղութի բոլո՛ր ազդակները, եկեղեցւոյ եւ քոյր կազմակերպութիւնները միասնաբար, իրենց յատկանշական գործունէութեամբ աշխոյժ կը պահեն այս եկեղեցին։ Վերջապէս, ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ, նշելով թէ ան եղած է առաջնագծի վրայ, իր ներդրումը բերելով համահայկական ծրագիրներուն՝ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժէն սկսեալ մինչեւ այսօրուան մարտահրաւէրները՝ հայրենի եւ Սփիւռքի օճախներէն ներս։
Երեկոն աւարտեց Կիլիկիա երգեցողութեամբ։
85-ամեայ տօնակատարութեան յանձնախումբի անդամներն են՝ Գաբրիէլ Քհն․ Նազարեան (ի պաշտօնէ), Լեւոն Աթթարեան (Հոգաբարձութեան կազմի կապ), Մանուշակ Գրիգորեան (ատենապետուհի), Աւագ Սարկաւագ Յակոբ Խաչատուրեան (հանսիսավար), Լալա Աթթարեան, Ատէլինա Գասբարեան, Փոլին Կեցոյեան, Ռինա Հորէնեան, Հրանդ Խաչատուրեան, Տէպրա Պճոճեան, Ռաֆֆի Ռշտունի, Մէլիսա Սիմոնեան, Պերճ Զոպեան։ Յատուկ շնորհակալութիւն Էտմոնտ Նասրին եւ Հրակ Արաքելեանին, որոնք նկարահանեցին այս յիշատակելի երեկոն։
